2012-11-11 10:28:38

Գերապայծառ Ճէսթին Ուէլպին` Անկլիգան Եկեղեցւոյ Նոր Գահերէց։


Անգլիոյ Եղիսաբեթ Բ Թագուհին Անկլիգան Եկեղեցւոյ Գահերէց նշանակած է Գերապայծառ Ճասթին Ուէլպին որ կը յաջորդէ Րովան Ուիլիամսին ։
Ի լուր այս նշանակումին Անգլիոյ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահը գերապայծառ Վէնսան Նիքոլս իր շնորհաւորութիւնները յայտնած է Գանթերպուրրիի նոր առաջնորդին յոյս յայտնելով որ նորընտիր գահերեցը յանձնառումով շարունակէ աշխատիլ երկու եկեղեցիներու միջեւ բարեկամութեան ու առաքելութեան ամրապնդումին։
56 տարեկան նորընտիր գահերէցը սարկաւագ ձեռնադրուած է 1992-ին ապա ստացած է քահանայական կարգ ու եպիսկոպոս օծուած։ Ամուսնացած է եւ հայր է 5 զաւակներու։ Ան կը ներկայացնէ անկլիգան եկեղեցւոյ աւանդապահ ճիւղը, հակառակ է մենասերներու ամուսնութեան սակային նպաստաւոր է կին եպիսկոպոսներու ձեռնադրութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.